2013-11-13 11:01:05

''Պայքարիլ կեանքի եւ ոչ մահուան ի նպաստ'' ` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կոչն ու աղօթքը Դամասկոսի մէջ զոհուած մանուկներուն համար։


Չորեքշաբթի 13 նոյեմբերի հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղեց պայքարելու կեանքի ի նպաստ` մահուան դէմ։
Մեծ ցաւով իմացայ որ երկու օր առաջ, Դամասկոսի մէջ, ռումբի պայթում մը սպաննեց մի քանի մանուկներ եւ ուրիշներ վիրաւորուած մնացին - ըսաւ Քահանայապետը ու ապա հրաւիրեց - ''Աղօթենք որպէսզի այսպիսի ողբերգութիւններ չի կրկնուին։ Այս օրերուն կ՛աղօթենք ու մեր ուժերը կը միացնենք օգնելու համար, մրրիկի զոհ` Փիլիպեան կղզիներու մեր եղբայրներ ու քոյրերը։ Ասոնք են դիմագրաւելիք իսկական պայքարները։ Կեանքի համար պայաքր եւ ոչ երբեք մահուան ի նպաստ։








All the contents on this site are copyrighted ©.